ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՈՐՊԷՍ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ` ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳԱՑ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԸ 50 ՆՈՐ ԲՆԱԿԱՐԱՆՆԵՐ ՊԻՏԻ ԿԱՌՈՒՑԱՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

«Ինծի համար հոգեկան մեծ գոհունակութիւն է յայտարարել« որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ի տուած հովուապետական այցելութիւնը Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին այնպիսի աննախընթաց եւ բացառիկ ոգեւորութիւն ու խանդավառութիւն ստեղծեց` որ Թեմի ծուխերը« Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հանդէպ որպէս սիրոյ« յարգանքի եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն« Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Աշխատանքային Ծրագիր"ին ի նպաստ կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ« որոնց գումարը հասաւ մօտ 500«000 տոլարի« որպէս զի Habitat for Humanity միջազգային կազմակերպութեան միջոցաւ յաւելեալ 50 նոր բնակարաններ կառուցուին Հայաստանի մէջ` հայրենի մեր չքաւոր ընտանիքներուն համար»« ըսաւ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ աւելցուց. «Այս առիթով Արեւելեան Թեմի Առաջնորդութեան եւ Թեմական Խորհուրդի անունով խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր նուիրատու ծուխերուն եւ անհատներուն` անոնց մաղթելով բարօրութիւն եւ ամենայն բարիք»:

Հապիթաթ Ֆոր Հիւմանիթին միջ-եկեղեցական քրիստոնէական միջազգային կազմակերպութիւն մըն է« որուն առաքելութիւնն է տնազուրկներու եւ չքաւորներու համար բնակարաններ կառուցանել աշխարհի զանազան շրջաններուն մէջ:

2006 թուականի Ապրիլին` Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ Հայց. Եկեղեցին եւ Հապիթաթ Ֆոր Հիւմանիթի Կազմակերպութիւնը կնքեցին համաձայնութիւն մը` որով Հայաստանի մէջ կառուցուելիք բնակարանները Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. «Գարեգին Բ. Աշխատանքային Ծրագիր»ին մաս պիտի կազմեն:

Հովուապետական այցելութեան ընթացքին` Չորեքշաբթի Հոկտեմբեր 17-ին` Նորին Սրբութիւնը եւ Իր շքախումբը այցելեցին Նիւ Օրլինզի «Երաժիշտներու Աւան»ը« ուր նոր բնակարան մը կը կառուցուէր Հապիթաթ Ֆոր Հիւմանիթի Կազմակերպութեան կողմէ: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը« Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ ներկայ հոգեւորականները իրենց բաժինը բերելով կառուցման աշխատանքին` սկսան ներկել տան մուտքի պատերը: Աշխատանքի աւարտին` Հայոց Հայրապետը Իր խորին գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Հապիթաթ Ֆոր Հիւմանիթի Կազմակերպութեան` անոր կատարած մարդասիրական եւ բարեսիրական գործունէութեանց համար:

Հապիթաթ Ֆոր Հիւմանիթի Կազմակերպութիւնը կը ծրագրէ Հայաստանի մէջ իր շինարարական աշխատանքները շարունակել յաջորդ տարիներուն եւս: